2011-08-23 13:55:23

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Գլուխ Ա. Մենք մարդիկս պատրաստ ենք ընդունելու զԱստուած
Հարցում թիւ 3. Ինչու՞ մենք կը փնտռենք զԱստուած
Աստուած ինք մեր սրտին մէջ դրած է փափաքը զինք փնտռելու եւ գտնելու. ՙՄեզ ստեղծեցիր քեզի համար, Տէր, եւ մեր սիրտը դադար չունի մինչեւ որ քու մէջդ գտնէ իր հանգիստըՙ։ Այս փափաքը Աստուծոյ` կը կոչուի Կրօնք։
Շատ բնական է որ մարդկային անձը փնտռէ զԱստուած. Իր բոլոր ձգտումը դէպի ճշմարտութիւնն ու երջանկութիւնը ի վերջոյ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սլացք մը դէպի այն նպատակակէտը, որ զինք բացարձակօրէն կը հասկնայ, բացարձակ կերպով կը գոհացնէ եւ ամբողջութեամբ զինք նկատի կ՛առնէ։ Սրբուհի Էտիթ Շթայն ըսած է. այն անձը որ ճշմարտութիւնը կը փնտռէ, նովին գործով զԱստուած է որ կը փնտռէ, նոյնիսկ անգիտակցաբար։
Հարցում թիւ 4. Կարո՞ղ ենք արդեօք Աստուծոյ գոյութիւնը ապացուցանել լոկ մեր բնական խելքով։
Այո՛. Մարդկային խելքը կարող է ճանչնալ զԱստուած, ամենայն ստուգութեամբ։
Աշխարհը չի կրնար իր ծագումն ու նպատակը գտնել ինք իր մէջ։ Գոյութիւն ունեցող ամէն էակի մէջ կայ շատ աւելի բարձր կէտ մը զոր չենք տեսներ։ Բնութեան մէջ եղած կարգ կանոնը, գեղեցկութիւնն ու բարգաւաճումը կ՛ուղղեն մեր հայեացքները դէպի գերազանց իրականութիւն մը։ Ամէն մարդկային անձ բացուածք մը ունի դէպի ճշմարիտը, բարին եւ գեղեցիկը. Կը լսէ խղճի ձայնը ինք իր խորքին մէջ, որ զինք կը մղէ դէպի բարին եւ կը զգուշացնէ չարէն։ Այն անձը որ իմաստութիւնն ունի հետեւելու այս հետքին, անպայման կը գտնէ զԱստուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.